2016-04-16 14:41:00

Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին` Լեզւոս կղզի կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Բարթողոմէոս Ա-ի եւ Հիերոնիմոս Արքեպիսկոպոսին,  նաւաբեկութիւններու պատճառաւ իրենց կեանքը կորսնցուցած գաղթականներուն ի յիշատակ, ծովուն ջուրերուն մէջ զետեղած ծաղկեփունջերով, վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Լեզւոս կղզի կատարած առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը, Բարթողոմէոս Ա-ի եւ Հիերոնիմոս Արքեպիսկոպոսին հետ միասին, այցելեցին կղզիին մէջ ապաստան գտած գաղթականները, ու այդ վայրէն կոչ ուղղեցին Պետական իշխանութիւններուն ու միջազգային հասարակութեան, միայնակ չթողելու ողբերգական վիճակի մէջ ապրող այդ այրերն ու կիները, որոնք մեր եղբայրներն ու քոյրերն են, ընդգծելով անոնց իրաւունքները ինչպէս նաեւ գաղթականութեան տխուր երեւոյթը յառաջացնող պատճառներու ուսումնասիրութիւնն ու անոնց շտապ լուծում գտնելու հարկաւորութիւնը։

Նախ քան կղզիէն հրաժեշտ առնելը, Ֆրանչիսկոս Պապ, օդակայանին մէջ իրարայաջորդ  առանձնական հանդիպումներ ունեցաւ Հիերոնիմոս Արքեպիսկոպոսին, Բարթողոմէոս Պատրիարքին եւ Յունաստանի վարչապետին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.